2014-04-14 10:20:25

Յովիկ Աբրահամեան` Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ


Կիրակի,13 ապրիլին, երեկոյեան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը աւարտեցան: Նիստերուն աւարտէն ետք լրագրողներուն համար յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով:
«Կուսակցութեան նախագահը գործադիր մարմինի անդամներուն ներկայացուց վարչապետի թեկնածուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու առաջադրուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Յովիկ Աբրահամեան», յայտնեց Էդուարդ Շարմազանով:
Շաբաթ օր իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշեց, նախապէս յայտարարուած երկուշաբթի օրուան փոխարէն գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը մէկ օր կանուխ կայացնել: Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականին ընդունումէն առաւելագոյնը մինչեւ 10 օր:
Նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութեան հրաժարականի ընդունումը տեղի ունեցաւ 3 ապրիլին, ուստի 13 ապրիլին կ՛աւարտէր տասնօրեայ ժամկէտը:







All the contents on this site are copyrighted ©.